1صادقة هي الكلمة ان ابتغى احد الاسقفية فيشتهي عملا صالحا.
1Սա՛ խօսքը վստահելի է. եթէ մէկը եպիսկոպոսութեան կը բաղձայ, բարի գործի կը ցանկայ:
2فيجب ان يكون الاسقف بلا لوم بعل امرأة واحدة صاحيا عاقلا محتشما مضيفا للغرباء صالحا للتعليم
2Ուստի եպիսկոպոսը պէտք է ըլլայ անարատ, մէկ կնոջ ամուսին, զգաստ, խոհեմ, համեստ, հիւրասէր, սորվեցնելու ընդունակ,
3غير مدمن الخمر ولا ضرّاب ولا طامع بالربح القبيح بل حليما غير مخاصم ولا محب للمال
3ոչ գինեմոլ, ոչ զարնող, հապա՝ ազնիւ, ոչ կռուազան, ոչ արծաթասէր,
4يدبر بيته حسنا له اولاد في الخضوع بكل وقار.
4իր տան լաւ վերակացու եղող, ենթարկուած զաւակներ ունեցող՝ ամբողջ պատկառանքով.
5وانما ان كان احد لا يعرف ان يدبر بيته فكيف يعتني بكنيسة الله.
5(քանի որ եթէ մէկը չգիտնայ վերակացու ըլլալ իր տան, ի՞նչպէս հոգ պիտի տանի Աստուծոյ եկեղեցիին.)
6غير حديث الايمان لئلا يتصلف فيسقط في دينونة ابليس.
6ո՛չ ալ նորահաւատ, որ հպարտանալով չիյնայ Չարախօսին սահմանուած դատապարտութեան մէջ:
7ويجب ايضا ان تكون له شهادة حسنة من الذين هم من خارج لئلا يسقط في تعيير وفخ ابليس
7Նաեւ պէտք է ունենայ բարի վկայութիւն դուրսիններէ՛ն ալ, որպէսզի չիյնայ նախատինքի ու Չարախօսին թակարդին մէջ:
8كذلك يجب ان يكون الشمامسة ذوي وقار لا ذوي لسانين غير مولعين بالخمر الكثير ولا طامعين بالربح القبيح
8Նմանապէս սարկաւագները պէտք է ըլլան պատկառելի, ոչ երկլեզու, ոչ գինեմոլ, ոչ ամօթալի շահախնդրութեան հետամուտ եղող,
9ولهم سرّ الايمان بضمير طاهر.
9հապա հաւատքին խորհուրդը պահող՝ մաքուր խղճմտանքով:
10وانما هؤلاء ايضا ليختبروا اولا ثم يتشمسوا ان كانوا بلا لوم.
10Ասոնք ալ նախ թող փորձարկուին, ու յետոյ կատարեն սարկաւագութիւն՝ եթէ անմեղադրելի գտնուին:
11كذلك يجب ان تكون النساء ذوات وقار غير ثالبات صاحيات امينات في كل شيء.
11Նոյնպէս ալ անոնց կիները պէտք է ըլլան պատկառելի, ոչ չարախօս, հապա զգաստ, հաւատարիմ՝ ամէն բանի մէջ:
12ليكن الشمامسة كل بعل امرأة واحدة مدبرين اولادهم وبيوتهم حسنا.
12Սարկաւագները թող ըլլան մէկ կնոջ ամուսին, եւ լաւ վերակացու իրենց զաւակներուն ու տան.
13لان الذين تشمسوا حسنا يقتنون لانفسهم درجة حسنة وثقة كثيرة في الايمان الذي بالمسيح يسوع
13որովհետեւ անոնք որ լաւ կը կատարեն սարկաւագութիւնը՝ կը տիրանան բարի աստիճանի մը, ու շատ համարձակութեան՝ Քրիստոս Յիսուսի վրայ եղած հաւատքին մէջ:
14هذا اكتبه اليك راجيا ان آتي اليك عن قريب
14Կը գրեմ քեզի այս բաները, թէպէտ կը յուսամ շուտով գալ քեզի,
15ولكن ان كنت ابطىء فلكي تعلم كيف يجب ان تتصرف في بيت الله الذي هو كنيسة الله الحي عمود الحق وقاعدته.
15որպէսզի՝ եթէ յապաղիմ՝ գիտնաս թէ ի՛նչպէս պէտք է վարուիս Աստուծոյ տան մէջ, որ ապրող Աստուծոյ եկեղեցին է, ճշմարտութեան սիւնն ու խարիսխը:
16وبالاجماع عظيم هو سرّ التقوى الله ظهر في الجسد تبرر في الروح تراءى لملائكة كرز به بين الامم أومن به في العالم رفع في المجد
16Անվիճելիօրէն մեծ է բարեպաշտութեան խորհուրդը. Աստուած երեւցաւ մարմինով, արդարացաւ Հոգիով, տեսնուեցաւ հրեշտակներէն, քարոզուեցաւ հեթանոսներուն մէջ, հաւատացուեցաւ աշխարհի մէջ, եւ համբարձաւ փառքով: